2014-03-13 11:50:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 13 մարտի թուիթը` ''Աղօթեցէք ինծի համար''։


13 մարտ 2013 – 13 մարտ 2014, այսօր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրութեան առաջին տարեդարձն է։
Նորին Սրբութիւնը կը գտնուի Հռոմի մօտ Արիչչա կոչուած գիւղաքաղաքի Հոգեւոր Կրթութիւններու սահմանուած մէկ կեդրոնին մէջ, ուր անցեալ կիրակի 9 մարտէն ի վեր, իրեն անմիջական գործակիցներուն հետ միասին, ամփոփուած է ու կը մասնակցի Մեծ Պահքի Հոգեւոր Կրթութեան որ վերջ կը գտնեն վաղը` 14 մարտին։
Թէեւ այս շաբթուայ ընթացքին Քահանայապետը ընդհատած է իր բոլոր պաշտօնական գործունէութիւնները, իր ընտրութեան առաջին տարեդարձին առթիւ Ան ուզեց իր թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակել թուիթ մը` խնդրելով բոլոր հաւատացեալներէն որ ''աղօթեն իրեն համար''։
''Աղօթեցէք ինծի համար'' գրեց Քահանայապետը, խնդրանք որ իր քահանայապետութեան առաջին օրէն չի դադրիր կրկնելէ։ Ամէն հանդիպումի ու ամէն առիթով Ան ներկաներէն կը խնդրէ որ իրեն համար աղօթեն։ Այսպէս ըրած էր նաեւ անցեալ 13 մարտ 2013-ի երեկոյեան, երբ Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն առաջին անգամուան համար յայտնուեցաւ աշխարհին` ''աղօթեցէք ինծի համար'' ըսած էր բոլոր անոնց որ աշխարհի բոլոր վայրերէն կը հետեւէին այդ պատմական իւրայատուկ դէպքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.